Բարին այնտեղ ծնողներու, այստեղ` հայրենիքի հովանիի տակ
«Շատ լաւ կը զգամ Հայաստանի մէջ՝ իմ հողը․․ իմ ջուրը․․ իմ լեզուն։ Առաջին նպատակս՝ հոս հաստատուիլ էր , քայլ առ քայլ նպատակներուս կը հասնիմ»,- կը պատմէ երիտասարդ ճարտարապետ՝ Բարին Ասլանեան։
Քիչ են այն երիտասարդները, որոնք Պոլսոյ մէջ հասակ առնելով կը գործածեն մայրենին, որոնք մաքուր հայերէն կը խօսին։ Ինչպէս կը պատմէ Բարին, մինչեւ 5-6 տարեկան միայն հայերէն խօսած է, իսկ թրքերէնը սորված է դպրոցէն։ Բարինի ծնողները չեն խոչընդոտած, որ ան առանձին տեղափոխուի Հայաստան եւ այստեղ կայանայ։
«Ես կամաւոր եկած եմ Հայաստան, ճարտարապետական համալսարանս աւարտելէն ետք Սթանպուլի մէջ, Birthright Armenia ծրագիրով Երեւան եկայ եւ գալէս մէկ շաբաթ անց ալ արդէն շինարարական ընկերութեան մը մէջ աշխատանքի սկսայ»։
Բարին 2010 թուականին Մուսալեռցիներու միութեան խումբով առաջին անգամ այցելած էր Հայաստան, ան հօր կողմէն մուսալեռցի է, ինքզինք ալ մուսալեռցի կ՛անուանէ։
«Ինչքան կրնամ օգուտ տալ հայրենիքիս, ես 4 տարի եղաւ արդէն հաստատուած եմ Երեւան, ճարտարապետութիւն՝ ներքին ճարտարապետութիւն եւ կահաւորում, ինչ որ աղջկայ գործ չէ Հայաստանի մէջ։ Գործնական տեսանկիւնէն խօսելով ՝ կին մը ըլլալով շինարարական ոլորտին մէջ աշխատիլ նամանաւանդ, երբ գծագիրները կու տամ եւ տղամարդոց կը թելադրեմ, թէ ինչ պիտի ընեն, անոնք խորհուրդ չեն ընդունիր ուրիշէն։Հ այաստանը կովկասեան եւ արեւելեան մտածելակերպի պատճառով ունի ճնշուած կնոջ կերպար, առաւել տարիքս փոքր ըլլալուն՝ քիչ մը դժուար է աշխատանքիս առումով»։
Այնտեղ հօր մօր հովանիին տակ էիր երբ ըսի, այստեղ ալ հայրենիքի հովանիին տակ եմ պատասխանեց Բարին` մեղմ ժպիտով մը։ «Շատ մեծ տարբերութիւն չեմ զգար, իմ լայն շրջանակս գործընկերներս ու հարեւաններս են, բնաւորութեամբ ստեղծելը կը սիրեմ, ճարտարապետութիւնն ալ ստեղծել կը նշանակէ»։
«Կ՛ուզեմ անդրադառնալ հայ սերնդակիցներուս, անոնք պէտք է զգան իրենց հայ ինքնութիւնը։ Անկախ թէ ուր ալ ըլլան, իրենց արժէքները, մշակոյթը եւ լեզուն պէտք է գիտնան, պէտք է հայ մնան, ուր ալ որ ապրին, իրենց ցեղին ու իրենց ընտանիքին գլխուն եկածները չի մոռնան,եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցեն։ Ամէն ինչ պահել ու պահպանել եւ յաջորդ սերունդին փոխանցել»։
Բարին կ՛ուզէ երազանքը հայրենիքի մէջ իրականցնել։
Անի Զէյթունցեան