Դոկտ․Հրայր Ճէպէճեան պարբերաբար կ՛այցելէ Հայաստան , ան 2022 թուականի Հայկական համաշխարհային գագաթնաժողովի հիւրն էր, որը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 28-էն 31։ Հայկական համաշխարհային գագաթնաժողովը ըստ կազմակերպիչ՝ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին,  կը միտի քննարկել սփիւռքի ներկայացուցիչներուն եւ տեղացի գործընկերներուն համար համընդհանուր նշանակութիւն  ունեցող մարտահրաւէրներն ու խնդիրները։

«Երեւան աշխոյժ է,  իսկ գագաթնաժողովը լաւ կազմակերպուած՝ , շատ հիմնական հարցեր կան, որոնց մասին կը փորձենք   խորհրդակցութիւններ  կատարել, այն ինչ կը վերաբերի  հայաստան-սփիւռք հայկական  իրականութիւններուն։ Այս տարի մեր զոյգ կաթողիկոսութիւնները  մերժեցին հրաւէրը սոյն ժողովին ներկայ գտնուելու, ասոր կողքին շատ մը  սփիւռքեան կազամկերպութիւններ կամ  կուսակցութիւններ, միութիւններ դարձեալ մերժեցին , սփիւռքեան ներկայացուցչութիւնը շատ աւելի նուազ էր՝  յատկապէս Լիբանանէն, Կիպրոսէն , Քուէյթէն, սակայն նկատի առնելով  որ այս տարի հրաւէրները եղած են անհատական»։

Ինչպէս գիտենք՝ դասական սփիւռքի կողքին կազմուեցաւ նոր սփիւքը։ Դասական սփիւռքը Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան այն մասն է, որ եկած եւ հաստատուած է աշխարհի տարբեր երկիրները , անոնց կողքին կազմուեցաւ նոր սփիւռքը, անոնք որոնք եկան Հայաստանէն օրինակ ։ Այժմ ժամանակը եկած է որ դասական սփիւռքը վերանորոգուի, եւ այս գիտակցութեամբ է, որ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ հայրապետը 2022 տարին հռչակեց Սփիւռքի տարի։

«Վեհափառ հայրապետի գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է՝ թէ ժամանակը եկած է , որ վերակազմակերպենք, վերանորոգենք՝ ոչ  միայն մեր  սփիւռքեան  կառոյցները, այլեւ մեր սփիւռքեան կեանքերը, մեր մտածողութիւնները,  որովհետեւ մենք այսօր կ՛ապրինք նոր օրերու մէջ,  նոր իրավիճակներու մէջ, նոր տեղեկատուական աշխարհի մը մէջ։ Ասոր հետ մեր հայկական իրականութեան հետ պէտք է քայլ պահել» ,-ըսաւ մեր հիւրը։

Ըստ դոկտ Ճէպէճեանի՝  այո ժամանակը եկած է , որպէս սփիւռքաքհայեր վերատեսութեան ենթարկելու, այդ առումով   բաւական աշխատանքներ կը տարուին տարբեր գաղութներու մէջ ։

Դոկտ․Հրայր Ճէպէճեան՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու ներկայացուցիչն է։ Ան  ծնած է Լիբանան, 2014-ին դոկտորական վկայականը ստացած է Նիւ Եորքի Աստուածաբանական ճեմարանէն՝ Աստուածաշունչի Յանձնառութիւն՝ ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքանութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն ։


Այս թեմայով կարդացեք

Թողնել մեկնաբանություն

Գրել մեկնաբանություն